ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ՄԻՋԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՆ ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԵՐ

Տոհայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Քաթար բարձրագոյն ռազմավարական կոմիտէի 7-րդ ժողովը, որու զուգահեռ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն համագործակցութեան խորացումը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս առթիւ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Տոհա՝ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Սանիի հրաւէրին ընդառաջ։

Էմիրութեան դիւանէն ներս Էրտողանի ի պատիւ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ապա երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ ստորագրուած համաձայնութիւնները կը նախատեսեն Անգարա-Տոհա համագործակցութիւնը զարգացնել զանազան ուղղութիւններով. օրինակ՝ արտակարգ իրավիճակներու կառավարում, մեծ ձեռնարկներու կազմակերպում, դիւանագիտութիւն, մշակոյթ, զբօսաշրջութիւն, մարմնամարզ, առողջապահութիւն, կրօն, ներդրումներ, բարձրագոյն կրթութիւն, լրատուութիւն եւ այլն։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարի ֆութպոլի համաշխարհային առաջնութիւնը նախատեսուած է Քաթարի մէջ։ Այս մեծ մրցաշարքի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, զանազան ծառայութիւններու մատուցման առումով պիտի յատկացուին լուրջ միջոցներ։ Կը հաղորդուի, որ հաւանական է անոնցմէ թրքական ընկերութիւններուն ալ բաժին վիճակիլը։ Նոյն շրջանակին մէջ հաղորդուեցաւ նաեւ ուրիշ կարեւոր հանգամանք մը։ Արդարեւ, երկու ղեկավարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի յաջորդ տարուայ մրցաշարքին ժամանակ անվտանգութիւնը երաշխաւորուի թրքական ոստիկանութեան կողմէ։

Նախագահ Էրտողան Տոհայի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիա սեփական անվտանգութեան ու կայունութեան հետ նոյնացած կը համարէ Քաթարի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Երկու երկիրները միասնաբար մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն Արաբական ծոցի տարածաշրջանի անդորրութեան նկատմամբ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021