ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը։ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ յառաջացած վերջին թիւրիմացութիւններու լոյսին տակ կատարուած հրապարակում մըն է այս մէկը, որուն, ըստ էութեան, տուն տուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի շաբաթավերջի յայտնի յայտարարութիւնը, որով ան «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման համար յստակ ժամկէտ պահանջած էր Հայաստանէն։ Ալիեւ նաեւ հայկական կողմը մեղադրած էր ճանապարհներու եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին մէջ կեղծաւոր մօտեցումներ ցուցաբերելով։ Այս բոլորի լոյսին տակ նախարարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարած է հետեւեալը.

1- Ճանապարհներու եւ հաղորդակցութիւններու հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան պայմանաւորուածութիւնները արձանագրուած են 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի, 2021 թուականի յունուարի 11-ի եւ նոյեմբերի 28-ի յայտարարութիւններով։ Այդ յայտարարութիւններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Ատրպէյճանին միջանցք, միջանցքային տրամաբանութեամբ ուղի տրամադրելու որեւէ պարտաւորութիւն, պայման, պայմանաւորուածութիւն չկայ։

2- 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերը ապաշրջափակելու՝ կողմերու պայմանաւորուածութիւնը։ Նոյն յայտարարութիւնով արձանագրուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրական հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը։

3- 2021 թուականի յունուարի 11-ի յայտարարութեամբ՝ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան, տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերը ապաշրջափակելու մասին 9-րդ կէտի իրականացման նպատակով ստեղծուած է Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսաստանի Դաշնակցութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխ-վարչապետներու համատեղ նախագահութեամբ եռակողմանի աշխատանքային խումբ։

4- 2021 թուականի յունուարի 11-ի յայտարարութեան 3-րդ կէտով սահմանուած է, որ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները իրականացնելու նպատակով աշխատանքային խումբի համանախագահները կը հաստատեն այդ ոլորտներէ ներս մասնագիտական ենթախումբերու կազմը, ուր կը ներառուին կողմերու իրաւասու մարմիններու ներկայացուցիչները եւ կազմակերպութիւններու պաշտօնատար անձերը։

5- 2021 թուականի յունուարի 11-ի յայտարարութեան 4-րդ կէտով սահմանուած է, որ աշխատանքային խումբը կողմերու ամենաբարձր մակարդակով հաստատման կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով իրականացուելիք միջազգային փոխադրումներու կազմակերպման, իրականացման եւ անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ նոր փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու առարկաներու վերականգնման եւ կառուցման միջոցառումներու իրականացման ցանկ եւ ժամանակացոյց, նոյն կերպով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իրականացուելիք փոխադրութեան համար, որոնք պիտի հատեն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները։

6- Եռակողմանի աշխատանքային խումբը 2021 թուականի յունուարի 30-ի առաջին նիստին որոշած է ստեղծել մասնագիտական երկու յանձնախումբ, որոնցմէ մին երկաթուղային, ինքնաշարժային եւ համատեղուած փոխադրումներու, միւսը՝ փոխադրումներու ապահովման, ներառեալ՝ անվտանգութեան, սահմանային, մաքսային, առողջապահական, անասնապահական եւ հսկողութեան այլ տեսակներու հարցերով։

7- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամենաբարձր մակարդակով քանի մը անգամ յայտարարած է, որ հետաքրքրուած է տարածաշրջանի բոլոր փոխադրութեան ու տնտեսական կապերը ապաշրջափակելու հարցով այն ըմբռնումով, թէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Հայաստանի տարածքով ինքնաշարժային եւ երկաթուղային կապ կ՚ունենան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան (այսպէսով նաեւ Թուրքիոյ հետ), իսկ Հայաստան՝ Ատրպէյճանի տարածքով ինքնաշարժային կապ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան եւ երկաթուղային կապ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ։

8- Ռուսաստանի Դաշնակցութեան փոխ-վարչապետ, եռակողմանի աշխատանքային խումբի համանախագահ Ալեքսէյ Օվերչուք 2021 թուականի նոյեմբերի 5-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ եռակողմանի աշխատանքային խումբէն ներս լուծումներու փնտռտուքը կը հիմնուի հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ. ճանապարհներու նկատմամբ կը պահպանուի ինքնիշխանութիւնը այն երկիրներուն, որոնց տարածքով կ՚անցնին այդ ճանապարհները եւ սահմաններու հատման ժամանակ հսկողութեան տեսակները պիտի իրականացուին փոխադարձութեան սկզբունքով։ Աւելի վաղ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարած էր, որ եռակողմանի աշխատանքային խումբին մէջ միջանցքի հարց չի քննարկուիր։

9- 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրման տարելիցին կապակցութեամբ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է տեղեկատուական նիւթ, որուն մէջ յստակ արձանագրուած է, որ եռակողմանի աշխատանքային խումբի բոլոր մասնակիցները պայմանաւորուած են, թէ բոլոր ապաշրջափակուող եւ նոր ստեղծուելիք փոխադրութեան երթուղիները պիտի գործեն յարգելով տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը այն երկիրներուն, որոնց տարածքով անոնք պիտի անցնին։

10- 2021 թուականի նոյեմբերի 26-ին Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որու ընթացքին վերահաստատուած են սոյն յայտարարութեան 9-րդ կէտին նշուած սկզբունքները։

Ելնելով վերը թուարկուած հանգամանքներէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է.

ա) Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները իրենց բովանդակութեամբ կապ չունին նոյեմբերի 9-ի, յունուարի 11-ի եւ նոյեմբերի 26-ի յայտարարութիւններուն հետ, կը հակասեն եռակողմանի աշխատանքային խումբէն ներս եւ Սոչիի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, կը հետապնդեն ապակառուցողական եւ սադրիչ նպատակներ, սպառնալիք կը պարունակեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ։

բ) Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է վերը թուարկուած իր բոլոր յանձնառութիւններուն, պատրաստ է վերը նշուած պայմանաւորուածութիւններու շուտափոյթ իրականացման։

գ) Տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու՝ ցամաքուղիներու եւ երկաթուղիներու վերականգնման եւ բացման գործընթացի միջոցառումներու իրականացման ցանկն ու ժամանակացոյցը կը քննարկուի եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս, Ատրպէյճանի սադրիչ հռետորաբանութեան պատճառով անոր աշխատանքները կը խոչընդոտուին։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը անվտանգութեան ոլորտէ ներս իր հիմնական գործընկեր Ռուսաստանի Դաշնակցութեան, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու եւ ամբողջ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, թէ Պաքու պաշտօնապէս կը շարունակէ ռազմաշունչ յայտարարութիւններով ուժի կիրառման յստակ սպառնալիքներ հնչեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան դէմ՝ խախտելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, ներառեալ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, նաեւ վտանգելով տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կոչ կ՚ուղղէ՝ զերծ մնալ սադրիչ հռետորաբանութենէ ու գործողութիւններէ եւ չխոչընդոտել տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021