ՃԵՄ ԷՕԶՏԵՄԻՐ ՆԱԽԱՐԱՐ

Մինչ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել այլեւս հրաժեշտ կու տայ քաղաքական ասպարէզին, երկրէն ներս գործի գլուխ կու գայ նոր իշխանութիւն մը։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Գերմանիոյ ղեկը պիտի ստանձնէ համախոհական կառավարութիւն մը, որ պիտի բաղկանայ սոցիալ-դեմոկրատներէն, կանաչներէն եւ ազատ ժողովրդավարականներէն։ Պունտեսթակէ ներս այսօր տեղի կ՚ունենայ քուէարկութիւն, որով պաշտօնի կը ձեռնարկէ նոր կառավարութիւնը՝ նոր վարչապետ Օլաֆ Շլոցի գլխաւորութեամբ։

Պերլինի նոր ղեկավարութեան մէջ առաջին անգամ ընդգրկուած կ՚ըլլայ թրքական արմատներով քաղաքական գործիչ մը՝ ի դէմս Ճեմ Էօզտեմիրի։ Երկար ժամանակէ ի վեր Գերմանիոյ քաղաքական թատերաբեմին վրայ գործունէութիւն կը ծաւալէ ան՝ Կանաչներու կուսակցութենէն։ Գերմանիոյ նոր կառավարութեան կազմին մէջ Ճեմ Էօզտեմիր պիտի զբաղեցնէ գիւղատնտեսութեան ու սնունդի նախարարի պաշտօնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021