ՊԱՅՏԸՆԻ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԶՐՈՅՑԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան տեսաժողով մը։ Հեռավար դրութեամբ, տեսակապի միջոցաւ զրուցեցին երկու ղեկավարները, որոնց շփումին կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր՝ մանաւանդ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրներուն բերումով։

Տեսաժողովի ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ Ուքրայնայի տագնապին։ Այս շրջանին միջազգային ընտանիքը տագնապած է, որ Ռուսաստան կրնայ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկել Ուքրայնայի դէմ։ Պայտըն-Փութին զրոյցն ալ համընկնեցաւ այս լուրջ պահուն։ Սպիտակ տան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախագահ Պայտըն կրկնած է Ուաշինկթընի կողմէ Ուքրայնայի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ զօրակցութիւնը։ Քրեմլինի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ շփումը տեղի ունեցած է անկեղծ մթնոլորտի եւ պատասխանատուութեան շրջանակին մէջ։ Ռուսական կողմն ալ հաստատեց, որ զրոյցի հիմնական բաժինը յատկացուած է Ուքրայնայի տագնապին։ Երկու ժամէն քիչ մը աւելի տեւած տեսաժողովին ժամանակ Փութին շօշափելի օրինակներով բացատրած է, թէ Քիեւ ինչպէս կը ջանայ ամբողջութեամբ ոչնչացնել Մինսքի համաձայնութիւնը։ Պայտըն ակնարկած է Ռուսաստանի դէմ տնտեսական բռնամիջոցներուն։ Ի պատասխան՝ Փութին ընդգծած է, որ Ուքրայնայի պատերազմի ներուժը հետզհետէ կը հրահրուի ՆԱԹՕ-ի կողմէ։ Բաց աստի, երկկողմանի յարաբերութիւններու միւս երեսակներու բնականոնացման նպաստելու ակնկալութեամբ՝ բանակցութիւններու ընթացքին ռուսական կողմը առաջարկած է ջնջել երկու երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններու պարագային փոխադարձ հաստատուած բոլոր սահմանափակումները։

Այս տեսագագաթաժողովին վերաբերեալ հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ Վլատիմիր Փութին առանձին կ՚երեւի ամերիկացի պաշտօնակցին հետ զրուցելու ժամանակ։ Իսկ Ճօ Պայտըն ռուս պաշտօնակցին հետ խօսակցութեան ընթացքին իր կողքին ունեցած է ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ու իր Ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընը։

Պայտըն յոյս յայտնած է, թէ Փութինի հետ յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ երես-երեսի։ Ամերիկացի ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ Փութինի հետ վարած բանակցութիւններու լոյսին տակ արժեւորում մը կը կատարէ նաեւ եւրոպացի ղեկավարներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021