Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք» համահայկական 12-րդ մրցանակաբաշխութիւնը։ Այսպէս, Սփիւռքի լաւագոյն խմբագրի անուանակարգին մէջ այս տարի մրցանակի արժանացաւ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան։
«aad.am»ի նախաձեռնութեամբ 2009 թուականէն ի վեր կը կազմակերպուի այս մրցանակաբաշխութիւնը։ Սեւակ Յակոբեան մրցանակը ստանալու ժամանակ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին նշեց, որ իրեն մատուցուած դափնին կը ձօնէ Լիբանանի եւ ամբողջ սփիւռքի իր նուիրեալ գործընկերներուն, որոնք ընկերատնտեսական ծանր պայմաններու ներքեւ կ՚աշխատին նուիրումով։
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021