ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Ան Երեւանէն ուղիղ թռիչքով Իսթանպուլ ժամանեց առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Տիգրան Զարգարեանի այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով։ Ան մինչեւ շաբաթավերջ պիտի մնայ Իսթանպուլի մէջ։
Իր կեցութեան օրերուն Տիգրան Զարգարեան պիտի հետեւի բազմակողմանի ծրագրի մը։ Իր մասնակցութեամբ հիմնական հաւաքոյթը նախատեսուած է յառաջիկայ Ուրբաթ, Յունուարի 12-ին, հիւրընկալ հիմնարկի երդիքին տակ։ Տիգրան Զարգարեան պիտի մասնակցի հաւաքոյթի մը, որու նիւթը կը հանդիսանան թուային արխիւայնացումն ու թուային գրադարանները։ Իր հետ նոյն հաւաքոյթին որպէս ատենախօս պիտի մասնակցի նաեւ Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական համալսարանի սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնէն Անդրանիկ Տաքէսեան։ Նիստավարը պիտի ըլլայ Վահագն Քէշիշեան։ Քննարկման առանցքին պիտի գտնուի՝ սփիւռքները թուային արխիւով մը միաւորելու գաղափարը։
Տիգրան Զարգարեան այլ շփումներ ալ պիտի ունենայ քաղաքիս մէջ կեցութեան օրերուն։ Ըստ էութեան, ան պիտի այցելէ կարգ մը արխիւներ եւ գրադարաններ։ Այս ամբողջին մէջ ան պիտի շփուի պետական կամ համայնքային արխիւներու եւ գրադարաններու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Ազգային գրադարանը հետեւողական աշխատանքով երկար ժամանակէ ի վեր անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ թրքահայ համայնքը։ Հայաստանի Ազգային գրադարանը ունի թուայնացեալ ճոխ արխիւ մը, որու մէջ տեղ կ՚առնեն թրքահայ մամուլէն բազում նմոյշներ եւ քաղաքիս մէջ կատարուած հրատարակութիւններ։
Տիգրան Զարգարեան Կիրակի գիշեր հրաժեշտ պիտի առնէ քաղաքէս՝ վերադառնալու համար Երեւան։