2019-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄՀՓ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ յայտարարեց, որ 2019 թուականի ընտրութիւններուն իր կուսակցութիւնը թեկնածու մը պիտի չառաջադրէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար։ Այսպէս, ՄՀՓ պիտի պաշտպանէ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի թեկնածութիւնը։ Ազգայնական քաղաքական գործիչը յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, սակայն որպէս հանրապետութեան նախագահի թեկ-նածու՝ պիտի պաշտպանէ Էրտողանը։ Պահչելիի խօսքերով՝ իր կուսակցութիւնը որոշած է ընթանալ Ենիգաբուի ոգիով։

Տեւլէթ Պահչելի երէկ առաւօտ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու Անգարայի ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուեցաւ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ։ Այս առթիւ ան մեկնաբանեց ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։ ՄՀՓ-ի կուսակցապետը նշեց նաեւ, որ Էրտողանի կամ այլ ոեւէ թեկնածուի մը պաշտօնի գլուխ գալու պարագային՝ ակնկալութիւն պիտի չունենան կառավարութեան մէջ պաշտօններ ապահովելու ուղղութեամբ։

Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծեց, որ նուազագոյն քուէներու 10 տոկոս պատնէշը իրականութեան մէջ ծանր համեմատութիւն մը կը կազմէ։ Ըստ իրեն, ՄՀՓ այդ պատնէշը յաղթահարելու կամ չյաղթահարելու հարց մը չունի, սակայն բոլոր կուսակցութիւնները դժուարութիւններու կ՚ենթարկուին բարձր տոկոսով այս պատնէշին բերումով։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Պահչելի նշեց նաեւ, որ երկրի ներկայ պայմաններով ճիշդ չի համարեր վաղահաս ընտրութեան ձեռնարկելը։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018