ԿԵՑՑԷ՛ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ տարեմուտին հանդէս եկաւ ուշագրաւ պատգամով մը։ Տօնական շրջանի դադարէն վերջ Հայաստանի մէջ կը սկսի աշխատանքային կեանքը։ Երէկ, Փաշինեան շնորհաւորական մը հրապարակեց տարուայ առաջին աշխատանքային օրուան կապակցութեամբ։ Դիմագիրքի իր էջին վրայ ան գրեց. «Բոլորս կը շնորհաւորեմ՝ տարուայ առաջին աշխատանքային օրուան կապակցութեամբ։ Մեր բոլոր խնդիրները ունին միակ լուծում մը, բացառիկ լուծում մը եւ այդ լուծումը կը կոչուի աշխատանք։ Կեցցէ՛ աշխատանքը։ Ի գործ»։

Հարկ է նշել, որ ներկայ տարեմուտը Հայաստանի ղեկավարութեան տեսակէտէ ալ կ՚ենթադրէ ծանր աշխատանքի շրջան մը։ Արդարեւ, Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանը անդրանիկ նիստը պիտի գումարէ յունուարի 14-ին։ Ազգային ժողովի նոր դիւանի ձեւաւորումէն վերջ պիտի սկսի Հայաստանի նոր կառավարութեան ձեւաւորման եւ անոր ծրագրի ընդունման գործընթացը։ Սա կ՚ենթադրէ բեղուն աշխատանքային շրջան մը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստանի նոր խորհրդարանին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Իմ քայլը» դաշինքը պիտի ունենայ 88 երեսփոխան։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը 26, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնն ալ 18 աթոռ պիտի զբաղեցնեն նոր խորհրդարանէն ներս։

Չորեքշաբթի, Յունուար 9, 2019