ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԷՆ ՀՐԱՒԷՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները նոր հանդիպման մը համար առաջարկ ներկայացուցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանին եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ առաջարկը կը վերաբերի նախարարներու միջեւ յունուարի մէջ հանդիպում մը կազմակերպելու։ Սոյն տեսակցութեան վերաբերեալ վերջնական յայտարարութիւնը պիտի կատարուի համաձայնեցուած կարգով։

Հարկ է յիշեցնել, որ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ վերջին տեսակցութիւնը տեղի ունեցած էր անցեալ ամիս Միլանոյի մէջ, ուր համաձայնութիւն գոյացած էր ներկայ տարեմուտին նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2019 թուականի տարեմուտին առթիւ կատարած յայտարարութեան մէջ անդրադարձած էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Ան յայտնած էր, որ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ալիեւ յայտնած էր, որ Ատրպէյճան կողմնակից է հարցի խաղաղ կարգաւորման, սակայն պիտի շարունակէ ամրապնդել իր ռազմական ներուժը։ «Լեռնային Ղարաբաղ պատմականօրէն Ատրպէյճանի տարածքն է եւ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներէն ներս», յայտնած էր Ալիեւ՝ վերստին յիշատակելով ՄԱԿ-ի բանաձեւերը, ըստ որոնց հայկական ուժերը պէտք է դուրս բերուին գրաւեալ տարածքներէն։

«Մենք խնդրի խաղաղ կարգաւորման կողմնակից ենք եւ մեր մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն կ՚ապացուցանէ այս բանը։ Սակայն ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, որ ռազմական գործօնը շատ կարեւոր է եւ մենք պիտի շարունակենք հզօրացնել մեր բանակը», ըսած է Ալիեւ ու կրկնելով իր ռազմատենչ յայտարարութիւնները միեւնոյն ժամանակ պնդած է, որ այժմ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը։ «Յոյս ունիմ, թէ 2019-ին այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց կրնայ ըլլալ», նշած էր ան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 9, 2019