ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ 2019-ԻՆ ԼԱՅՆ ԹԱՓՈՎ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ

Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան յայտարարեց, որ երկրի հայ համայնքը այս տարի լայն թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնման աշխատանքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռէիսեան մատնանշեց, որ անցեալ տարի ալ այս ուղղութեամբ զգալի աշխատանք իրականացուած էր, ինչ որ աշխուժօրէն պիտի շարունակուի ներկայ տարուան տեւողութեան։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ 2019-ը աշխարհի համար ըլլայ խաղաղ տարի մը։ Հալէպի ազատագրումէն վերջ սկսաւ վերականգնման գործընթացը։ Կրնանք ըսել, որ կեանքը խաղաղ ընթացքի վերադարձած է», ըսաւ երեսփոխանը եւ ընդգծեց, որ այդ վերականգնման գործընթացը չի վերաբերիր միայն հայ համայնքին եւ Սուրիոյ իշխանութիւնն ալ այդ գործին ձեռնամուխ եղած է։

Ըստ Ժիրայր Ռէիսեանի կողմէ փոխանցուած բացատրութիւններուն, սուրիահայ համայնքէն ներս արդէն վերականգնուած են շարք մը կառոյցներ։ Առաջին հերթին ամբողջութեամբ վերականգնուած է Հալէպի հայ ազգային պատսպարանը։ Անոր յաջորդած է «Գարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանի մասնաշէնքերէն մին եւ այնտեղ շարունակուած է ուսումնական կեանքը։ Նոյնպէս նախորդ տարի վերականգնուած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին, Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանականներու եկեղեցին։ Ժիրայր Ռէիսեան ընդգծեց, որ վերականգնման աշխատանքները մեծ թափով պիտի շարունակուին 2019 թուականին։ Ըստ առաջնահերթութեան բոլոր կառոյցները պիտի վերականգնուին։ Ռէիսեան նկատեց, որ Հալէպի մէջ պիտի աշխուժանայ նաեւ խանութներու, արտադրամասերու բացման գործընթացը։ Այդ շարքին մաս պիտի կազմեն նաեւ հայերու պատկանող խանութներն ու արտադրամասերը։ Այսինքն՝ կրնանք ըսել, որ արդիւնաբերական բաժինը եւս կը վերականգնուի, մի գուցէ ոչ-ամբողջական ծաւալով։ Արդարեւ, ի վերջոյ, շատ արտադրամասեր վնասուած են, կորուստներ կան, ամէն պարագայի մէջ վերականգնումը քիչ քիչ պիտի սկսի։

Այս բոլորի առընթեր, Ժիրայր Ռէիսեան խօսեցաւ նաեւ հայոց Հալէպ վերադարձին շուրջ։ Շատ են այն հայերը, որոնք Հալէպ կը վերադառնան՝ իրենց բնակարանները, իրենց գործատեղիները։ Հալէպ կը վերադառնան թէ՛ Սուրիոյ այլ շրջանները մեկնածները եւ թէ երկրէն դուրս գացածները։

Ժիրայր Ռէիսեան դիտել տուաւ, որ նախորդ տարի Հալէպի մէջ վերականգնուած են նաեւ ենթակառուցուածքներ։ Ջրամատակարարումը վերականգնուած է, ելեկտրականութիւնը օրուան կարեւոր ժամերուն արդէն կը մատակարարուի։ Հանրային ծառայութեան միւս բաժինները եւս կ՚աշխատին բնականոն։

«Հալէպի ազատագրումէն յետոյ Սուրիոյ բանակը յաջորդաբար արձանագրած յաղթանակներով ազատագրեց երկրի վտանգուած շրջանները եւ այդ գործընթացը կը շարունակուի։ 2018-ին իսկապէս նկատելի էին խաղաղութեան վերահաստատման ուղղեալ բոլոր աշխատանքները», աւելցուց Ժիրայր Ռէիսեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 9, 2019