Երեքշաբթի 19, Նոյեմբեր 2024
ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ԹՐԱՄՓԻ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ ՈՐԱԿԱՊԷՍ ՏԱՐԲԵՐ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ուքրայնոյ հակամարտութեան հարցին շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի տեսակէտը որակապէս տարբեր է՝ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի բաղդատմամբ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Լաւրով նշեց, որ Տանըլտ Թրամփ կը դիտարկէ հակամարտ երկու կողմերուն վարկը։ «Օպամա ամէն ինչ մեզմէ կը պահանջէր՝ Փեթրօ Փորոշենքոն ազատելով պատասխանատուութենէ», ըսաւ Սէրկէյ Լաւրով։
Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017