ՄՏՔԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 90-րդ ընդհանուր ժողովը, որ կազմակերպուած է Փարիզի մէջ, այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին։ Երեք օրերու վրայ տարածուած ծրագրով մը նախատեսուած 90-րդ ընդհանուր ժողովի երէկուան աշխատանքային օրը ծանրաբեռնուած էր։ Ընդհանուր ժողովի երկրորդ օրն էր այս մէկը, որ յատկացուած էր խորհրդաժողովի մը։ Փարիզի «Station F»ին մէջ տեղի ունեցաւ այս խորհրդաժողովը, երեք նիստերու ձեւաչափով։ Մտքերու իսկական տարափի մը մթնոլորտին մէջ ընթացան խորհրդաժողովի նիստերը։ Ձեռնարկատիրութեան հարցերէ սկսեալ՝ մինչեւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ յառաջ տարուած ծրագիրները, բազմաթիւ առանցքներու շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ։ Բոլոր նիստերու ատենախօսներն էին հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ, որոնց փորձառութիւնը սփիւռքեան կեանքի տեսակէտէ իսկապէս կը համարուի յատկանշական։

Երէկուան օրուան կարեւորագոյն հանգամանքներէն մին ալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովին բերուած մասնակցութիւնն էր։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ խորհրդաժողովի ընթացքին։ Իր ժամանումը ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ համագումարի մասնակիցներուն կողմէ։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց իր սրահ ժամանումէն վերջ։ Աւելի վերջ Արմէն Սարգսեան շատ հետաքրքրական ելոյթ մը ունեցաւ՝ խորհրդածութիւններ ընելով արդի աշխարհի երթին եւ գիտական ու փորձագիտական նորարարութիւններու հիման վրայ մարդկային առօրեայի մօտաւոր ապագային կրելիք փոփոխութիւններուն շուրջ։

Խորհրդաժողովի ամբողջ օր տեւած աշխատանքէն վերջ, երեկոյեան ալ տեղի ունեցաւ անմոռանալի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Փարիզի «Salle Wagram»ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ նորոգ հանգուցեալ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին ձօնուած համերգ մը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւս պատուեց այս ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ զգացումներու աննկարագրելի ալիք մը։ ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն առընթեր այս երեկոյթին ներկայ գտնուեցան ֆրանսահայ համայնքի ընտրանին, Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներէ յայտնի հայեր եւ հիւրեր։ Համերգը շատ լաւ կազմակերպուած էր եւ այս երեկոյթը իսկապէս խոր տպաւորութիւն թողեց բոլոր անոնց վրայ, որոնք առիթն ունեցան ներկայ գտնուելու։

Այսօր Փարիզի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի ծրագրի եզրափակիչ աշխատանքը։ Սա բուն ընդհանուր ժողովի գումարումն է, որ օրուան առաջին կէսին կ՚ընթանայ «Les Jardins de Saint Dominique»ի մէջ։ Իսկ երեկոյեան նախատեսուած կալա-ընթրիքը կ՚ազդարարէ 90-րդ ընդհանուր ժողովին եզրափակումը։

Շաբաթ, Փետրուար 9, 2019