ՎԻԼՆԻՈՒՍԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Վիլնիուսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Կիւրճիեւ» համոյթի համերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին։ Սոյն համերգը նախաձեռնած եւ կազմակերպած էր Լիթվայի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ GK առողջարանի աջակցութեամբ:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն, հանդէս գալով բացման խօսքով՝ Լիթվայի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան ներկայացուցած է «Կիւրճիեւ» համոյթի անցած ստեղծագործական ուղին եւ համաշխարհային երաժշտարուեստի մէջ ունեցած ձեռքբերումները:

Անդրադառնալով միջոցառման խորհուրդին՝ դեսպան Մկրտչեան նշած է, որ համերգը նուիրուած է հայոց ազգային երաժշտագիտութեան հիմնադիր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, որ ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Հռչակաւոր մարդկանց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու օրացոյցին մէջ:

Տիգրան Մկրտչեան նշած է, որ Կոմիտասին նուիրուած միջոցառումներ դեսպանութիւնը կը կազմակերպէ ամբողջ տարուան ընթացքին եւ այս համերգներով կը տրուի Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու սկիզբը։

Դեսպան Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, GK առողջարանի եւ միւս գործընկերներուն համերգի կազմակերպման առթիւ ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեան:

Համոյթի վիլնիուսեան համերգի ընթացքին հնչած են Կոմիտասի, Կէորկի Կիւրճիեւի եւ այլոց ստեղծագործութիւններ, եւ ներկայ աւելի քան 600 հանդիսականներու կողմէ արժանացած է ջերմ ընդունելութեան ու բարձր գնահատանքի: Ընդհանուր առմամբ, Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջանակներներէն ներս «Կիւրճիեւ» համոյթը Պալթեան երեք երկիրներու մէջ հանդէս կու գայ եօթ համերգային ծրագրերով:

Շաբաթ, Փետրուար 9, 2019