ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ՝ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթի հետ։ Նախկին նախագահի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսի աղբիւրները հաղորդեցին, որ զրոյցը տեւած է աւելի քան ժամ մը։ Տէր-Պետրոսեան եւ Լաքոթ անդրադարձած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Անոնք կարծիքներ փոխանակած են Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններու հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական, ընկերային եւ մարդասիրական բնոյթով շարք մը հարցերու շուրջ։

Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան ֆրանսական դեսպանատան առաջին խորհրդական Քլեր լը Ֆլեշեր եւ առաջին նախագահի գրասենեակի տնօրէն Աւետիս Աւագեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021