ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՒ ՄԵՐՔԵԼԻ ԶՐՈՅՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Երկու ղեկավարներու երէկուան զրոյցին կապակցութեամբ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Մերքել ողջունած է Միջերկրականի արեւելքի պարագային Թուրքիոյ կողմէ տրուած դրական ազդանշաններն ու համապատասխան իրադարձութիւնները։

Իր կարգին, Էրտողան մատնանշած է, որ Թուրքիա վճռական է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները դրական օրակարգով մը յառաջ մղելու ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021