ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄՏՆԷ «ԹԷԺ» ՓՈՒԼ

Հայաստանի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ տարածուած վերջին հաղորդագրութիւնը շատ յստակ կերպով կ՚ընդգծէ, որ յառաջիկայ ամիսները երկրին համար պիտի ըլլան բաւական «թէժ»։ Խօսքը, անշուշտ, արտահերթ ընտրութիւններու առաջարկէն ընդհանրապէս հրաժարելու մասին է։ Սա նաեւ ձեւով մը յստակ փորձ մըն է ամրապնդելու համար վարչապետ Փաշինեանի եւ իր սեղմ վարչախումբի քաղաքական յենարանները։ Ժողովուրդին անունով խօսելէ ու ժողովուրդը՝ որպէս վահան գործածելէ անդին, Փաշինեանի վարչախումբը «վճռած» է ամէն ինչ ընել՝ պահելու համար իր իշխանութիւնը։ Այլ խօսք, որ եթէ այսօր ընտրութիւններ տեղի ունենան, ապա ներկայ իշխանութիւնը որքա՞ն քուէ պիտի կարենայ հաւաքել եւ կամ այդ քուէները արդեօք իսկապէս բաւարար պիտի ըլլա՞ն, որպէսզի «Իմ քայլը»ականները առանց խափանումի եւ արձակուած ձեռքերով գործեն։ Այստեղ, անշուշտ, կը ծագի հիմնական խնդիր մը, որովհետեւ Հայաստանի առկայ իրավիճակը բացարձակապէս բնականոն չէ, ունի բազմերանգ հանգոյցներ, որոնց լուծումը կախեալ չէ ժողովուրդէն կամ ընտրողներու զանգուածէն։ Մեզի կը թուի նաեւ, թէ ստեղծուած դրութիւնը ամոքելու ամենաիրաւական միջոցը սահմանադրական ճանապարհն է, սակայն այդ մէկը ինչ-ինչ պատճառներով դարձած է անազդու։ Մենք տագնապած ենք. տուած ենք մեծ կորուստներ, կորսնցուցած ենք մեծ տարածքներ, ունինք հարիւրաւոր գերիներ, տնտեսական բարդ դրութեան առջեւ ենք ու այս բոլորէն անդին՝ կ՚ապրինք ներքին քաղաքական անհանգիստ վիճակ մը։ Այս բոլորի կողքին յստակ է նաեւ, որ ընտրութիւններու բարեյաջող անցնելու պարագային մենք առիթ պիտի ունենայինք աւելի յստակ եւ համընդհանուր պրիսմակէ մը դիտելու քաղաքական խայտաբղէտ պատկերը եւ մտնելու՝ պարտութենէն դէպի յաղթանակ երթալու իրական փուլը։ Սակայն, այսպէս չէ իրավիճակը։

Թերեւս առանց կանխամտածուած մօտեցումի, այսօր իշխանութիւնները արտահերթ ընտրութիւններու սահմանադրական վերջին ճանապարհը փակելով երկիրը կրնան մատնել շատ աւելի դժուար կացութեան մը։ Որոշումը իրենց ձեռքն է ու աւելի քան յստակ է, որ ներքին անհամերաշխութեան մթնոլորտին մէջ այդ նոյն իշխանութիւնները ամէն օր պիտի նահանջեն ու քայլ մը ետ պիտի երթան՝ մինչեւ այն պահը, երբ ժողովրդային կամքի մեծ պահը հասուննայ եւ նոյն ժողովուրդը, որ զիրենք ամիսներ առաջ իշխանութեան բերաւ «շախ-մաթ» մը ընելով՝ անոնք ուղարկէ հոն, ուր պէտք է ուղարկէ...։ Ի դէպ, փաստ է նաեւ, որ այս մակարդակի գործընթացներու պարագային հարկաւոր է ժամանակի գործօնը, որու շնորհիւ ալ «ամլացած» կարծուած ժողովուրդի «լոքոմոթիֆ»ը տեղէն պիտի շարժի ու Հայաստանը պիտի տանի աւելի պայծառ օրերու։ Լաւ չէ, անշուշտ, փակել սահմանդրական ճանապարհի վերջին պատուհանը ու հաշուի չառնել, որ ընտրութեանց ճամբով իր ժողովուրդին կռնակ դարձուցած իշխանութիւնը մեծ առիթ ունի պահպանելու բոլոր մակարդակի այն թէզերը, որոնք կամաց-կամաց պիտի կարողանան ուտել իր թեւերը։

Պարզ է, որ ընտրութիւնները ջնջելու «առաջարկ»ով իշխանութիւնները Հայաստանը պիտի տանին դէպի աւելի վտանգաւոր եւ նոյնիսկ լարուած ժամանակի մը, որուն համար ալ անոնք պատրաստ պէտք է ըլլան կրելու ամբողջական պատասխանատուութիւն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021