ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Թուրքիոյ տասն քաղաքները ցնցած ահաւոր երկրաշարժով պայմանաւորուած սարսափելի պատկերը արդէն օրերէ ի վեր բոլորի աչքին առջեւ է։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, զոհերուն թիւը արդէն կը հասնի 13 հազարի սահմանին։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց աղէտի գօտի։ Ան տեղւոյն վրայ հետեւեցաւ ձեռնարկուած փրկարարական ծաւալուն աշխատանքներուն, նաեւ մէկտեղուեցաւ աղէտեալներու հետ։ Կը հաղորդուի, որ ամենայն հաւանականութեամբ նախագահ Էրտողան մինչեւ շաբաթավերջ մնայ աղէտի գօտիին մէջ։ Անգարայէն կը հաղորդուի, որ աղէտի գօտիէն ներս փրկարարական եւ այլ տեսակի աշխատանքներու համար պաշտօնի կոչուած անձնակազմին թիւն է 103 հազար 800։ Կարմիր մահիկն ալ արդէն կրկնապատկած է օրական վրաններու արտադրութեան ծաւալը։
Մինչ փլատակներու տակէն կեանքեր փրկելու նուիրական պայքարն ալ ամբողջ թափով ընթացքի մէջ է, Հայաստանէն փութացած փրկարարներու խումբն ալ կը մասնակցի այս ջանքերուն։ Հայկական աղբիւրներ երէկ տեղեկացուցին, որ հայ փրկարարներու խումբը Ատըեամանի մէջ աշխատանքի ձեռնարկած է փլատակներու տակ։ Այդ ջոկատը բաւական նուրբ կէտի մը վրայ աշխատանք կը տանի՝ քանի դէպի Ատըեաման ճամբորդութիւնը շատ դժուար է, որովհետեւ ճանապարհները ըստ էութեան անգործածելի դարձած են երկրաշարժի սաստկութեան հետեւանքով։
Միւս կողմէ, միջազգային շրջանակներն ալ վառ ուշադրութիւն ցուցաբերել կը շարունակեն Թուրքիոյ կողմէ դիմագրաւուած աղէտին նկատմամբ։ Առկայ ծանր մթնոլորտին մէջ կոչ մը հնչեց նաեւ Վատիկանէն։ Այսպէս, Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի օգնութիւն ցուցաբերուի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ երկրաշարժերէն ազդուած աղէտեալներուն համար։