ԹՈՒՐՔԻՈՅ, ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ, ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները 15 Մարտին հանդիպում մը պիտի ունենան Պաքուի մէջ։ «Սփութնիկ» գործակալութեան հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պիտի հիւրընկալէ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ու Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէն։

Կը հարորդուի, որ սոյն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի կոչով։ Նման ձեւաչափով հաւաքներու ընթացքին առաջնահերթօրէն կը քննարկուին տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներ։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018