ՎՈՍՓՈՐԻ ՎՐԱՅ ԶԲՕՍԱՊՏՈՅՏ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան ընթրիք մը կազմակերպեց ի պատիւ Հայաստանի «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի պետական համոյթին, որ ներկայիս կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Հրաժեշտի ընթրիքը տեղի ունեցաւ Վոսփորի վրայ նաւապտոյտի մը ձեւաչափով։ Արնավուտգիւղէն սկսաւ այս զբօսապտոյտը՝ «Küçük Prens» զբօսանաւով։ Բոլոր մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։ «Թաթուլ Ալթունեան» համոյթի նուագախումբի անդամները խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին իրենց նուագարաններով։ Երիտասարդներ պար ալ բռնեցին՝ մինչ զբօսանաւը կը շրջէր Վոսփորի մէջ։ «Մարալ»ի ընտանիքը մատուցեց նաեւ անակնկալ մը՝ «Թաթուլ Ալթունեան» համոյթի 80-ամեայ յոբելեանին առթիւ կարկանդակ մը պատրաստած ըլլալով։ Տօնական բարձր տրամադրութիւնով հատուեցաւ այդ կարկանդակը՝ ծափահարութիւններու տարափի ներքեւ, նորանոր ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու բարեմաղթանքով։

«Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ՝ շատ ջերմ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ հիւր համոյթի անդամներուն եւ ղեկավարութեան համար։ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով։

Երեկոյթի հրաւիրեալներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական՝ Իկոր Մարտիրոսեան իրենց կողակիցներով։ Ներկայ էին նաեւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, ինչպէս նաեւ «Մարալ»ի ելոյթներու կարգադիր յանձնախումբի անդամները։

«Küçük Prens» զբօսանաւու սեփականատէր Արման Քըլըճը, որ հովանաւորեց երէկուան ընթրիքը, որպէս յուշանուէր հայկական քոնիաք մը ստացաւ՝ ձեռամբ հիւր համոյթի տնօրէն Գրիգոր Ոսկանեանի։

Կիրակի օրուան համատեղ ելոյթին ընդառաջ, «Թաթուլ Ալթունեան» եւ «Մարալ» համոյթները կ՚իրկանացնեն նաեւ համատեղ փորձ մը։

  

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018