ՆԿԱՐԻՉ ՍԱՄՈՒԷԼ ԼԱՃԻԿԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Նշանթաշըի «Մարքի» գեղարուեստասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յայտնի նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեանի ցուցահանդէսին բացումը։ Ան առաջին անգամ իր ստեղծագործութիւնները կը յանձնէ Իսթանպուլի գեղարուեստասէրներու դատին։ Սամուէլ Լաճիկեանի անհատական ցուցահանդէսը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի մեր գեղարուեստասէրները մօտէն ճանչնան իր արուեստը եւ հաղորդ դառնան անոր ոճին։ Ցուցահանդէսի բացման առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին Սամուէլ Լաճիկեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ նկարչասէրներուն կողմէ, որոնք համակրանք եւ հիացում արտայայտեցին իր գործերուն նկատմամբ։

Ցուցահանդէսի այցելուներու շարքին էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ կողակիցը։

Համաշխարհային կանանց օրուան՝ մարտի 8-ին համընկնած այս ցուցահանդէսը կը կրէ «Կինը եւ բնութիւնը» անունը։ «Փարոս» հրատարակչութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը պիտի շարունակուի մինչեւ 16 մարտ։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019