ՀԵՐԹԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ ներկայ շաբթուան սկիզբին Թուրքիա կ՚այցելէ Ռուսաստանէն պատուիրակութիւն մը՝ քննարկելու համար Իտլիպի պարագային ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն մը ստորագրուած էր՝ Իտլիպի մէջ հրադադարի հաստատման նպատակով։ Սուրիոյ տագնապի ընդհանուր ընթացքին տեսակէտէ այս համաձայնագիրը կը ներկայացնէ լուրջ կարեւորութիւն։
Յառաջիկայ շրջանին թրքական եւ ռուսական զօրքերը համատեղ հերթապահութիւններ պիտի իրականացնեն Իտլիպի եւ շրջակայքին մէջ։ Ուստի, կողմերը պիտի ճշդեն այն համատեղ ծածկագրերը, որոնք պիտի օգտագործուին հերթապահութիւններու ժամանակ։ Կը նախատեսուի, որ հերթապահութիւնները սկսին 15 մարտին։ Ռուսական պատուիրակութեան հետ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութենէն ներս։
Անգարայի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ցարդ Իտլիպի պարագային հաստատուած հրադադարը չէ խախտուած։ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի տնօրէն Ֆահրետտին Ալթուն ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարեց, որ աւելի առաջուան բոլոր համաձայնութիւնները խախտուած են Սուրիոյ կառավարական զօրքերուն կողմէ, իսկ այս անգամ Թուրքիա թոյլ պիտի չտայ նոր ոտնձգութիւններու։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի յայտնեց, թէ Իտլիպի պարագային Ռուսաստան եւ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատ պիտի չկարողանան հասնիլ իրենց նպատակին։