ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել, ուր կը տեսակցի Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Հարկ է նշել, որ անցեալ շաբթուան մէջ Թուրքիա այցելած էր Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել։ Նախագահ Էրտողան երկար ատեն վերջ Պրիւքսելի մէջ սեղանի գլուխ կը նստի ԵՄ-ի ղեկավարութեան հետ։ Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, բանակցութիւններու օրակարգը բաւական ծանրաբեռնուած է։ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններուն առընթեր օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ տագնապն ու մանաւանդ գաղթականաց խնդիրները։ Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու հարցերուն առընթեր, Պրիւքսելի մէջ կը քննարկուին Մաքսային միութեան այժմէականացման հարցերը։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը նոյնպէս բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուի։ 15 յուլիսի ազդեցութեամբ երկար ժամանակէ ի վեր կանգ առած բարեփոխումներու գործընթացի վերակենդանացումն ալ այս շրջանին Թուրքիա-ԵՄ քննարկումներուն առարկայ կը դառնայ։

Երկար ժամանակէ ի վեր Թուրքիա մասնակցութիւն չի բերեր ԵՄ-ի գագաթաժողովներուն, նաեւ որեւէ քայլ չէ առնուած թրքահպատակներու պարագային մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման ուղղութեամբ։ Ուրեմն, այս խնդիրներն ալ կ՚արծարծուին Պրիւքսելի բանակցութիւններուն ընթացքին։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2020