ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զօրքերուն միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցան նոր բախումներ։ Հրադադարի խախտումները պատահեցան՝ երբ Ատրպէյճանի զօրքերը հայկական դիրքերուն վրայ կրակ բացին՝ այս անգամ Նախիջեւանի կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բախումները տեղի ունեցան Ապրիլի 7-ին եւ Ապրիլի 7-8-ի գիշերը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ հայկական զինեալ ուժերը պատասխան գործողութիւններով ապահովեցին յարձակումներու կասեցումը։

Այս դէպքերուն ընթացքին Ատրպէյճանի զօրքերը ըստ էութեան օգտագործած են հրաձգային զէնքեր։

Շաբաթավերջի բախումներուն ժամանակ զոհերու կամ կորուստներու մասին լուրեր չեն հաղորդուած՝ թէ՛ հայկական եւ թէ ատրպէյճանական կողմերու պարագային։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 9, 2018