ԱՆԽԱՓԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Աւագ դատախազ Իկոր Քրասնովը։ Քննարկուեցան երկու երկիրներու իրաւապահ մարմիններու համագործակցութեան ընթացքին շուրջ հարցեր։ Արթուր Դաւթեան եւ Իկոր Քրասնով ստորագրեցին նաեւ համաձայնագիր մը, որով կը նախատեսուի ամրապնդել երկու երկիրներու դատախազութիւններու համագործակցութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին Դաւթեան օրակարգի վրայ բերած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ խնդիրը։

Իկոր Քրասնով Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Այս առթիւ վարչապետը բարձր գնահատեց ռուս դատախազին կողմէ գործադրուած ջանքերը՝ Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման ուղղութեամբ։ Քրասնով Երեւանէն ուղեւորուեցաւ Պաքու, ուր եւս ունեցաւ շփումներ՝ Ատրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ղեկավարներուն հետ։

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախընթաց օրուան հանդիպումէն վերջ ակնկալութիւնները բարձրացած էին՝ գերիներու վերադարձի հարցին շուրջ շօշափելի զարգացումներու ուղղութեամբ։ Երէկ նոյնիսկ սպասումներ կային, որ Պաքուէն Երեւան պիտի հասնէր նոր օդանաւ մը, որով պիտի վերադառնային գերիները։ Մինչ այս սպասումները չարդարացան, երէկ օրուայ աւարտին, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ գերիներու վերադարձը կրկին կը յետաձգուի։ Ըստ այդ յայտարարութեան, հրադադարի համաձայնութեան գերիներու յանձնման վերաբերեալ կէտը ի կատար չ՚ածուիր Ատրպէյճանի կողմէ։ Սա յետպատերազմեան մարդասիրական գործընթացի կոպիտ խախտում մըն է։ Ըստ փոխ-վարչապետի գրասենեակի յայտարարութեան, բանակցութիւնները կը շարունակուին ռուսական կողմի միջնորդութեամբ։ Հայկական կողմը հերթական անգամ յոյս յայտնեց, թէ Ատրպէյճան ի վերջոյ կը յարգէ իր իսկ ստորագրած յայտարարութիւնը ու կեանքի կը կոչէ մարդասիրական պայմանաւորուածութիւնը։

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինն ալ քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ գերիներու փոխանակման աշխատանքը պէտք է աւարտին հասցուի եւ իր երկիրը աշխուժօրէն կը մասնակցի այդ գործընթացին՝ աջակցելով, որպէսզի ի վերջոյ կեանքի կոչուի «Բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքը։ Ռուսական կողմը հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ՝ այս հարցին արագ լուծում մը ապահովելու համար։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՅՐԱՄՈՎ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ գերիներու հարցին շուրջ։

Պայրամովի խօսքով՝ ռազմագերիներու փոխանցման հարցը լուծուած եւ փակուած է։ Ան պնդեց, որ հայկական կողմին վերադարձուած են մարտական գործողութիւններու ժամանակ գերեվարուած բոլոր անձերը։ «Մենք ցոյց տուինք, թէ որքան պատասխանատու ենք այս հարցին մէջ։ Մենք աւելի քան 70 ռազմագերի փոխանցած ենք Հայաստանին», ըսաւ Պայրամով։

Բաց աստի, ան հերթական անգամ կրկնեց Պաքուի պնդումները, ըստ որոնց հրադադարի համաձայնագրէն աւելի ուշ ձերբակալուածները չեն կրնար ռազմագերի դասուիլ, որովհետեւ անոնք հակաահաբեկչական գործողութիւններու ժամանակ ձերբակալուած են։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021