ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարը լաւ հնարաւորութիւն մըն է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու Քուէյթի Արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ահմէտ Նասըր Մուհամմէտ էլ Սապահի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն։

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարը լաւ հնարաւորութիւն մըն է։ Տարածքաշրջանէ ներս բարեկեցութիւն ապահովելու զուգահեռ՝ մենք հնարաւորութիւն ունինք իրականացնել կարեւոր նախագիծեր եւ կարգաւորել յարաբերութիւնները։ Եթէ Հայաստան դրականօրէն արձագանգէ, ապա Հարաւային Կովկասը ապագային կրնայ դառնալ խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածքաշրջան մը», ըսաւ Չավուշօղլու։

ՊԱՔՈՒԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Իր կարգին, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ յայտնեց, որ իր երկիրը բաց է տարածքաշրջանէ ներս համագործակցութեան նոր ձեւաչափի համար, բայց այդ համայնապատկերին վրայ կը նկատուին Հայաստանի ապակառուցողական քայլերը։

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Եուսէֆ պին Ահմէտ էլ Ուսայմինի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պայրամով յայտնեց, որ հրադադարի համաձայնութիւնը նպաստած է տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ զարգացման նոր ձեւաչափի մը ի յայտ գալուն։ Պաքու անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկէ, որպէսզի Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ մարդոց վերադարձը ապահովէ։ Ատրպէյճանի նման շինիչ դիրքորոշման փոխարէն, Պայրամովի պնդումով, կը նկատուին Հայաստանի ապակառուցողական քայլերն ու յայտարարութիւնները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021