ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԵՐԷԿ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին։ Անոնք քննարկած են նաեւ օր մը առաջ Մոսկուայի մէջ Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքները։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին եւ Ալիեւ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակն ու անոր ապագայ կայունացումը դիտարկած են՝ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան եւ այս տարեմուտի եռակողմանի յայտարարութեան համապատասխան տեսանկիւնէն։

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի վերլուծաբանները այս շրջանին ուշադրութեամբ կը դիտարկեն Ռուսաստանի ներգրաւուած միջազգային բոլոր իրադարձութիւնները՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վրայ հաւանական ազդեցութեան տեսակէտէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը ներկայիս առաւել չափով կախում ունի Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու վիճակէն։ Ներկայիս Ռուսաստան-Ուքրայնա յարաբերութիւններուն մէջ դարձեալ լարուածութիւնը մտահոգիչ ձեւով բարձրացած է։ Տոնպասի մէջ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքի երէկ ճակատ այցելեց եւ նշեց, որ իր երկրի բանակը անհրաժեշտ բոլոր միջոցները ունի Ռուսաստանին դիմադրելու համար։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ ռուսական կողմն ալ Սեւ ծովի նաւատորմին նոր կուտակումներ կ՚ընէ։ Այս բոլորը կու գան ապացուցանել, որ Մոսկուա-Քիեւ առանցքին վրայ նոր պատերազմ մը կրնայ ծագիլ։ Անգարա այդ տարակարծութիւններու պարագային վաղուց Քիեւի կողքին դիրք կը գրաւէ՝ մասնաւորապէս, Խրիմի եւ տեղւոյն թաթարներու իրաւունքներուն բերումով։ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը այս համայնապատկերին վրայ կը մատնանշէ, որ Թուրքիա կը փափաքի Արցախի եւ Սուրիոյ բեմագրութիւնները կրկնել նաեւ Ուքրայնայի մէջ։ Այդ ձգտումը կը նշանակէ, որ ան Ռուսաստանի հետ կրնայ բախում մը, կամ հակադրութիւն մը ապրիլ։

Ռուսական վերլուծական շրջանակներն ալ այս փուլին հաշուի կ՚առնեն, որ Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կրնան միջամտել Ուքրայնայի վերաբերեալ հարցերուն։ Անոնք կը ջանան ենթադրել նաեւ, թէ Մոսկուա ինչպէս կրնայ փոխադարձել այդ հաւանականութիւններուն։ «Ռեփորթէր» կայքի մեկնաբանութեամբ, ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ հաւանական միջամտութիւնը Ուքրայնայի հակամարտութեան պատճառ կրնայ դառնալ, որ Ռուսաստանի ձեռքերը արձակուին Սուրիոյ մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021