ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԴԱՏ ԲԱՑԱՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԴԷՄ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան դատ բացաւ երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ պետութեան դէմ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան երկար ժամանակէ ի վեր կը դատուէր՝ 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերուն բերումով։ Հայաստանի դատական իշխանութիւնները վերջերս կարճեցին Քոչարեանի եւ միւս ամբաստանեալներու վերաբերեալ այս գործը։ Այսպէսով անոնց դէմ քաղաքական հետապնդումը վերջ գտաւ եւ Ռոպերթ Քոչարեան օրէնքի առջեւ արդարացաւ։

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան եւ իշխանութեան այլ յառաջատար ներկայացուցիչներ երէկ հրապարակաւ քննադատեցին եւ տարակուսանք յայտնեցին այս դատավճռին կապակցութեամբ։ Իսկ Ռոպերթ Քոչարեան բոլորովին տարբեր քայլով մը հանդէս եկաւ այս դատավճիռէն վերջ։ Քոչարեանի փաստաբանը՝ Հայկ Ալումեան տեղեկացուց, որ դատական իշխանութիւններուն դիմած են՝ պահանջելով հաստատել Քոչարեանի արդար դատաքննութեան իրաւունքի խախտուած ըլլալը, հատուցել այդ խախտումին հետեւանքով յառաջացած ոչ-նիւթական վնասը, պարտաւորեցնել հրապարակայնօրէն հերքել անոր դէմ հնչած արտայայտութիւնները եւ հատուցել զրպարտութեան հետեւանքով անոր պատճառած ոչ-նիւթական վնասը։ Հայկ Ալումեան յայտնեց, որ անցեալ մարտի 1-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթի ժամանակ զրպարտութիւններով հանդէս եկած էր Քոչարեանի դէմ՝ առանց հաշուի առնելով անմեղութեան կանխավարկածը։ Այս բոլորի հիման վրայ Քոչարեան դատ բացած է Փաշինեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։

Շուրջ երկուքուկէս տարիէ ի վեր Ռոպերթ Քոչարեան կը դատուէր՝ երկրի սահմանադրական կարգը տապալել փորձելու մեղադրանքով։ Համապատասխան յօդուածով իր դէմ յարուցուած քրէական գործը կարճուեցաւ՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի դատաւոր Աննա Դանիբէկեանի կողմէ արձակուած վճիռով։ Շուրջ երկու շաբաթ առաջ, Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը Քոչարեանի եւ նոյն գործին մէջ ընդգրկուած նախկին պետական գործիչներուն հասցէագրուած մեղադրանքները անվաւեր ու հակասահմանադրական հռչակած էր։ Ներկայիս Քոչարեանի փաստաբաններուն կողմէ բացուած դատն ալ յառաջիկային պիտի տեսնուի Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանին կողմէ, դատաւոր Արթուր Մկրտչեանի մականին ներքեւ։ 

Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է, որ պիտի մասնակցի յառաջիկայ արտահերթ ընտրութեան։ Ան արդէն գործնականօրէն վերադարձած է մեծ քաղաքականութեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021