ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑԻՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ԹԻՐԱԽՆԵՐԸ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին լայ­նա­ծա­ւալ ու ազ­դու գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ։ Ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Քան­տի­լի, Մե­թի­նա­յի, Զա­փի եւ Կա­րա­յի շրջան­նե­րէն ներս ռմբա­կո­ծե­ցին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան զա­նա­զան թի­րախ­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ «F-16» եւ «F-4 2020» ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը ոչն­չա­ցու­ցած են ՓՔՔ­-ի ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րը, զի­նա­նոց­նե­րը եւ զա­նա­զան դիր­քե­րը։

Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ւար­տին ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը անվ­տանգ ձե­ւով վե­րա­դար­ձած են ի­րենց ռազ­մա­խա­րիսխ­նե­րը։ Ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնները կը շարունակուին նաեւ երկրէն ներս։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016