ՊՐԱԶԻԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԳԱՐԱ ԿԱՆՉՈՒԵՑԱՒ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը դա­տա­պար­տեց Պրա­զի­լիոյ ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ առ­նուած այն ո­րո­շու­մը, որ 1915-ը կը ճանչ­նար որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Ըստ նա­խա­րա­րու­թեան, այս ո­րո­շու­մը ան­յա­րիր է պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թեան եւ առ ո­չինչ կը հա­մա­րէ ի­րա­ւուն­քը։ Ըստ նա­խա­րա­րու­թե­նէն կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան, Պրա­զի­լիոյ ծե­րա­կոյ­տին ո­րո­շու­մը ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան նմոյշ մըն է։ «Հայ­կա­կան լո­պիի ազ­դե­ցու­թեամբ առ­նուած քա­ղա­քա­կան նման ո­րո­շում­նե­րը ան­կա­րող է փո­խե­լու պատ­մա­կան ըն­կա­լում­ներն ու ի­րա­ւա­կան կա­նոն­նե­րը», նշուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ետ կան­չած է նաեւ Պրա­զի­լիոյ դես­պան Հիւ­սէ­յին Տի­րիէօ­զը՝ խորհր­դակ­ցու­թեան նպա­տա­կով։

Միւս կող­մէ, Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նի Ստո­րին պա­լա­տի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը մտա­դիր է ճանչ­նա­լու Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Այս մա­սին յայ­տա­րա­րեց Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տի «Բա­րե­փո­խա­կան շար­ժում» խմբակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Տե­նի Տիւ­քարմ։

Հարկ է յի­շեց­նել, թէ Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը կը փա­փա­քէին ճանչ­նալ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը, սա­կայն ծա­գու­մով թուրք ո­րոշ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու վե­րա­բեր­մուն­քը տե­ղի կու տար վէ­ճե­րու։ RLN պար­բե­րա­կա­նը յի­շե­ցուց «Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մար­դա­սի­րա­կան կեդ­րոն» կու­սակ­ցու­թեան օ­րի­նա­կը, երբ պատ­գա­մա­ւոր Մա­հի­նուր Էօզ­տէ­միր հե­ռա­ցուե­ցաւ կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րէն՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը մեր­ժե­լուն պատ­ճա­ռով։

Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նը 1998-ին ծե­րա­կոյ­տի մա­կար­դա­կով ար­դէն ըն­դու­նած էր բա­նա­ձեւ մը, որ կը ճանչ­նար պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը։

Մինչ այդ, «Ար­մէնփ­րէս» կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը կը նա­խա­տե­սէ վերս­տին քննար­կել ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձե­ւը, մին­չեւ Յու­լի­սի կէ­սե­րը։

Բաց աս­տի, Բրի­տա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի Վե­րին տան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ տե­ղադ­րուած օ­րա­կար­գը կը նշէ, որ Լոր­տե­րու պա­լա­տը 16 Յու­նի­սին պի­տի քննար­կէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015