ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՒ Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ժամադրուած են Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Նորին Սրբազնութիւնը այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն արդէն ուղեւորուեցան դէպի Անգարա։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նախընթաց օր երեկոյեան Հռոմէն քաղաքս ժամանեց՝ մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակին ձօնուած յոբելենական համերգին։ Իր այս այցելութիւնը հիմնական շարժառիթը դարձած է Անգարայի այս օրուան ժամադրութեան։

2019 թուականի տարեմուտին ալ, Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանումէն անմիջապէս առաջ եւս Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Անգարայի մէջ դարձեալ հանդիպում մը ունեցած էր նախարար Չավուշօղլուի հետ։ Այդ տեսակցութեան ներկայ գտնուած էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ այդ շրջանին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը կը վարէր։ Այժմ Նորին Սրբազնութիւնը մայրաքաղաքի այս կարեւոր հանդիպումը կ՚իրականացնէ՝ արդէն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ։ Սա, ըստ էութեան, քաղաքավարական այցելութիւն մըն է՝ քանի տեսակցութեան հաւանական օրակարգին վերաբերեալ որեւէ հրատապ տուեալ խնդրոյ առարկայ չէ։ Հանդիպումը նախատեսուած է կէսօրուան ժամերուն։

Միւս կողմէ, այսօրուան համերգին առթիւ քաղաքս եկած է նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2022