ԵՒ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳԸ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական համերգը այսօր երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահի երդիքին տակ։ Օրերէ ի վեր սպասուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ ի վերջոյ կեանքի կը կոչուի՝ երաժշտասէրներու եւ համայնքային շրջանակներու վառ սպասման մթնոլորտին մէջ։

Աշխարհահռչակ «Կոմիտաս» ազգային քառեակը երէկ առաւօտ Երեւանէն հասաւ Իսթանպուլ, ուր օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ալ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց քառեակի անդամները՝ գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար Էտուարտ Թադեւոսեանի։

Թէեւ «Կոմիտաս» ազգային քառեակը առաջին անգամ քաղաքս չ՚այցելեր, սակայն, այս անգամուան շարժառիթը իսկապէս պատմական է։

Երէկ յետմիջօրէի ժամերուն «Կոմիտաս» ազգային քառեակը քաղաքիս մէջ փորձ մըն ալ իրականացուց՝ «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի համերգասրահէն ներս։ Այս փորձին մասնակցեցան նաեւ դաշնակահարուհիներ Սելէն Կիւլիւն եւ Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու, որոնք եւս պիտի մասնակցին այսօրուայ համերգի ծրագրին։ Արուեստագէտները այս առթիւ թէ՛ ծանօթացան իրարու հետ եւ թէ համատեղ առաջին փորձը իրականացուցին։

Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կարգադրութեամբ, «Կոմիտաս» քառեակի անդամները առիթն ունեցան նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնը ստանալու։

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2022