ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ԶՕՐԱԿՈՉՈՒԻ

Հայաստանի մէջ ներկայիս զօրակոչի շրջան է։ Հայոց բանակի շարքերը կը համալրուին նոր զինուորներով։ Զօրակոչի ներկայ փուլին կը զինուորագրուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդին՝ Աշոտ Փաշինեան։ Զօրակոչուելիք միւս զինուորներուն հետ Աշոտ Փաշինեան այս առաւօտ արդէն առաջին քայլը առաւ՝ մասնակցութիւն բերելու համար հայոց բանակին։ Հայրենակցական պարտականութեան ճանապարհին Աշոտ Փաշինեանին բարի երթ մաղթեց իր մայրը՝ Աննա Յակոբեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018