ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՂԲԱՅՐԸ՝ ԼԵՒՈՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ԵՐԿՈՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԿԱԼԱՆԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին շարունակուեցան աղմկայարոյց, գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները, որոնց հիման վրայ ձերբակալուեցաւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրներէն Լեւոն Սարգսեան։ Հայաստանի յատուկ Քննչական ծառայութիւնը որոշեց Լեւոն Սարգսեանի առընթեր կալանաւորել նաեւ իր դուստրը՝ Անի Սարգսեանը եւ որդին՝ Նարեկ Սարգսեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնց դէմ մեղադրանք առաջադրուած է՝ յայտարարագրման ենթակայ ստացուածքը թաքցնելու եւ ապօրինի հարստանալու բերումով։

Լեւոն Սարգսեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան էր եւ այդ հիման վրայ կը համարուի պաշտօնատար անձ։ Լեւոն Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ «Փիւնիկ» հիմնադրամի ղեկավարներէն մին է։

Հարկ է նշել, որ անցեալ շաբաթ հարցաքննուելէ վերջ ազատ արձակուած էր Սերժ Սարգսեանի միւս եղբայրը՝ Ալեքսանտր Սարգսեան, որու որդին՝ Հայկ Սարգսեան ձերբակալուած էր իրաւապահ մարմիններուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018