Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ կարճ այցելութիւն մը տուաւ քաղաքս, երէկ այցելեց Պատրիարքարան։ Նորին սրբազնութիւնը ընդունուեցաւ տեղապահ  Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շնորհաւորութիւններ յղեց նորընտիր տեղապահին, մաղթելով նաեւ արեւշատութիւն ու կորով։ Շուրջ ժամ մը տեւեց հաճելի զրոյցը, որու ընթացքին երկու սրբազանները զանազան նիւթերու շուրջ խորհրդակցութիւններ ունեցան եղբայրական մթնոլորտի մէջ։ Հուսկ, տեղապահ սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Պատրիարքարանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։

Միւս կողմէ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։  

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019