16-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երեւանի մէջ արդէն սկիզբ առած է «Ոսկէ ծիրան» 16-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը։ Շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը սկսաւ փառատօնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ կիրակի։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւնը։ Անշուշտ, «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճի շէնքին շուրջ ալ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։

Այս տարի փառատօնի տարբերանշանը փոխուած է։ Նոր տարբերանշանը կ՚արտայայտէ փառատօնի նոր կազմակերպիչ յանձնախումբի ինքնատիպ մօտեցումը 16-րդ տարուան առթիւ։ Տարբերանշանը կը ցոլացնէ հայերէն «Ծ» տառը։ Այս տառին միջոցաւ՝ տարբերանշանի հեղինակը փորձած է ներկայացնել փառատօնի խորհրդանիշը համարուող ծիրանը։

Շարժանկարի ծիրէն ներս ցուցադրուած առաջին ժապաւէնը եղաւ «Մակաբոյծը», որու հեղինակն է Չուն-Հօ Փոնի, որ դարձած էր Քաննի միջազգային փառատօնի դափնեկիրը։

«Ոսկէ ծիրան»ի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան յայտնեց, որ փառատօնը այս տարի կրած է փոփոխութիւններ։ Ան ընդգծեց, որ չէ փոխուած փառատօնի գլխաւոր հովանաւորը՝ «Վիվասել» ընկերութիւնը։ «Յուսամ՝ այսպէս կ՚ըլլայ նաեւ ապագային», ըսաւ Յարութիւն Խաչատրեան, որմէ վերջ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ «Վիվասել»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան։  

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019