«ՏԱՇԻՐ» 300 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ՆՈՒԻՐԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՏԱՊՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ

«Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամը 300 հազար տոլարի համարժէք դրամ նուիրած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին՝ Հայաստանի շտապ բժշկական օգնութեան ծառայութեան 1786 բժիշկներուն, հիւանդապուհիներուն եւ բժշկական կեդրոններու աշխատակիցներուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը եւ «Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամը։

Նշենք, թէ «Տաշիր» հիմնադրամին հետ համագործակցութիւնը շարունակական բնոյթ կը կրէ։ Տակաւին ապրիլ ամսուն «Տաշիր» հիմնադրամը 100 հազար ամերիկեան տոլար փոխանցած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, որուն մէկ մասը յատկացուեցաւ քորոնաժահրի յաղթահարման ուղղուած գործողութիւններուն, մնացեալը՝ Ռուսաստանէն վերադարձող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու փոխադրութեան ծախսերուն։

2020 թուականի մարտի 18-ին սկիզբ առած համահայկական «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք-արշաւը կ՚իրագործուի Հայաստանի նախագահին, Արցախի նախագահին, Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին, Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ։

Ընդհանուր առմամբ, արդէն հանգանակուած է 770 հազար ամերիկեան տոլար, որուն շուրջ 600 հազարը յատկացուած է մեծածաւալ բժշկական պարագաներու եւ սարքաւորումներու ձեռքբերման, շտապօգնութեան անձնակազմի նիւթական աջակցութեան, Երեւանի եւ մարզերու կարիքաւոր ծերերուն ամսական սնունդի մատակարարման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայրենակիցներու Հայաստան վերադարձին։ Միեւնոյն ժամանակ արտասահմանէն ստացուած են յատկանշական նուիրատուութիւններ (ապրանքի ձեւով), որոնք փոխանցուած են Առողջապահութեան նախարարութեան։ Դրամահաւաք-արշաւի ընթացքին կը շարունակուի նաեւ համահայկական ցանցին ընդլայնումը, կը ստեղծուին նոր համագործակցութիւններ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններուն հետ։

«Համահայկական այս կարեւոր շարունակական ձեռնարկին կրնաք միանալ հետեւեալ յղումով՝ www.himnadram.org», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2020