ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՊԻՏԻ ՉՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ. ԳՈՐԾԸ Կ՚ՈՒՂԱՐԿՈՒԻ ՆՈՐ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական ատեանը բեկանեց ընդդիմադիր գործիչ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ՝ Առաջին ատեանին կողմէ արձակուած դատավճիռը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այդ դատավճիռը ուղարկուեցաւ նոր քննութեան։
Ծառուկեանի փաստաբաններէն Սամուէլ Տիլպանեան երէկ յայտնեց, որ Վերաքննիչ քրէական ատեանը Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու որոշում չէ տուած։ Վերաքննիչ քրէական ատեանը մերժած է նաեւ իրենց դիմումները, իսկ դատախազութեան դիմումը բաւարարուած է մասամբ։ Հարկ է յիշեցնել, որ դատախազութիւնը կը պահանջէր Գագիկ Ծառուկեանի բանտարկուիլը։
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդը կը մեղադրուի 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ ընտրակաշառք կազմակերպած ըլլալու համար։ Ան այս մեղադրանքը չ՚ընդունիր՝ պնդելով, թէ քաղաքական հետա-պընդման կ՚ենթարկուի կառավարութեան հրաժարականը պահանջած ըլլալու պատճառով։ Երկրի իշխանութիւնները բացարձակապէս կը հերքեն Ծառուկեանի այդ պնդումները՝ յորդորելով հարցը դիտարկել միայն իրաւական հարթութեան վրայ։
Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան Առաջին ատեանը մերժած էր Ծառուկեանը բանտարկելու միջնորդութիւնը, որ ներկայացուած էր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ։ 65-ամեայ Գագիկ Ծառուկեան Վերաքննիչ քրէական ատեանէն ներս տեղի ունեցած երկու դատական նիստերուն չէ մասնակցած, որովհետեւ վարակուած է քորոնաժահրով։ Փաստաբանները տեղեկացուցին, որ ան մեկուսացած է իր բնակարանէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ փաստաբանները յայտնեցին, որ Գագիկ Ծառուկեան վերջերս առերեսուած էր իր դէմ վկայութեամբ հանդէս եկած «Երեւանշին» ընկերութեան տնօրէն Վազգէն Պօղոսեանի հետ։ Ըստ քրէական գործի՝ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ «Ծառուկեան» դաշինքի կողմէ առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածուներու ընտրացուցակի 22-րդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէր Վազգէն Պօղոսեան։ Տակաւին անցեալ փետրուարին այս վերջինը իրաւապահներուն յայտնած էր ընտրակաշառքի բաժնուած ըլլալու մասին, երբ իր ղեկավարած ընկերութենէն ներս բոլորովին այլ քրէական գործի մը շրջանակներուն մէջ կատարուած խուզարկութեան ընթացքին յայտնաբերուած էր ընտրակաշառքի վերաբերեալ որոշ փաստաթուղթեր։
Ծառուկեանի փաստաբանները տեղեկացուցին, որ Վերաքննիչ քրէական ատեանի արձակած վճիռը ստանալէ եւ ուսումնասիրելէ վերջ պիտի յստակեցնեն Վճռաբեկ ատեանի մօտ այդ մէկը բողոքարկելու խնդիրը։