ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, որ շարք մը շփումներ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի։ Մօտաւոր անցեալին այս վերջինը վարակուած էր քորոնաժահրով եւ ենթարկուած՝ դարմանման։ Հանդիպումէն վերջ Չավուշօղլու յայտարարութիւններ ըրաւ մամուլին եւ ընդգծեց, որ Պորիս Ճանսընին փոխանցած է Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի ողջոյնները։
Լոնտոնի մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեսակցեցաւ նաեւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռապի հետ։ Երկու նախարարները քննարկեցին, թէ BREXIT-է վերջ Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ յարաբերութիւնները ինչպէս պիտի զարգանան՝ մանաւանդ, որ ազատ առեւտուրի համաձայնութեան մը ուղղութեամբ բանակցութիւններն ալ կը շարունակուին։ Ըստ Չավուշօղլուի, անդրադարձ կատարուած է Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներու եւ ՆԱԹՕ-ի օրակարգի շարք մը նիւթերու։ Նախարարի խօսքով՝ թէ՛ Անգարա եւ թէ Լոնտոն համակարծիք են, թէ Լիպիոյ խնդիրը միայն քաղաքական ճանապարհով կրնայ լուծուիլ։ Աւելի վերջ ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ քաղաքական գործընթացը թափ կրնայ ստանալ, սակայն, օրինական կառավարութիւնը նախապայմաններ եւ կասկածներ ունի՝ մշտական հրադադարի մը հաստատման կապակցութեամբ։ Այլեւս անգամ մըն ալ պէտք չէ խախտուի հրադադարը։ Թուրքիա եւ Անգլիա համակարծիք են նաեւ՝ Լիպիոյ միութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ։