ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ իսլամական աշխարհի յառաջիկայ տօնի շրջանին փողոց դուրս գալու ընդհանուր արգելք մը խնդրոյ առարկայ պիտի չըլլայ, սակայն զանազան քաղաքներու մէջ կրնան սահմանափակումներ հաստատուիլ։

Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ Ֆահրետտին Քոճա հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Յառաջիկայ տօնական օրերու պարագային որոշում պիտի տրուի՝ նկատի ունենալով քաղաքներու հիմունքով դէպքերու ընթացքը եւ ըստ այդմ խնդրոյ առարկայ կրնան դառնալ կարգ մը սահմանափակումներ։

Նկատի ունենալով, որ օգոստոսի 31-ին դպրոցներու վերաբացուիլը կը նախատեսուի Թուրքիոյ մէջ՝ նախարարը անդրադարձաւ նաեւ այս նիւթին։ Եթէ դէպի վերամուտ քորոնաժահրի համաճարակի ընդհանուր ընթացքին մէջ տարբերութիւն մը ըլլայ, ապա հեռավար ուսուցման վերաբերեալ առաջարկները կրնան վերստին օրակարգի վրայ գալ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ նոր վարակումներու տեսակէտէ խոցելի կացութիւն կը յառաջանայ հարսանիքներու միջավայրին մէջ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ պետութիւնը կը պատրաստուի հարսանիքներու նման արարողութիւններուն դիտորդ ուղարկել՝ յանուն հանրային առողջութեան։ Թուրքիոյ քսան քաղաքներուն մէջ ալ կ՚արգիլուի զօրակոչերու ողջերթի արարողութիւնները։

Միւս կողմէ, նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան հանրութեան ներկայացուց նաեւ համաճարակի վերաբերեալ Թուրքիոյ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 49 հազար 302 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1041 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ եւս 22 հոգի զոհ գնաց համաճարակի եւ նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 2219։

Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ նոր դէպքերը կը խտանան կարգ մը քաղաքներու մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2020