ՏԻԳՐԱՆ ԵԿԱՒԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Արեւելքի քրիստոնեաներուն սպասարկելու կոչումով 1856 թուականին հաստատուած «Oeuvre d՚Orient»ի 2020 թուականի գրական մրցանակի դատակազմը յատուկ գնահատականի (mention spéciale) արժանի նկատած է Տիգրան Եկաւեանի «Minorités d’Orient, les oubliés de l’Histoire» (Արեւելքի փոքրամասնութիւնները. Պատմութեան կողմէ մոռցուածները») գործը, որ լոյս տեսած է 2019 թուականին, «Ռոշէ» հը-րատարակչատունէն։
Առաջին մրցանակը շնորհուած է Փիէռ Քլէյնի «La pérégrination vers l’Occident» («Հեռաւոր ճամբորդութիւն դէպի Արեւմուտք»), որ 2020 թուականին լոյս տեսած է «Օլիզան» հրատարակչատունէն։
Նկատի ունենալով համաճարակին պատճառած ներկայի բացառիկ իրավիճակը, մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերին, ձեռամբ՝ Փարիզի արքեպիսկոպոս Միշել Օփըթիի եւ ներկայութեամբ՝ դատակազմի նախագահուհի Հելէն Քառէր-տ՚Անքոսի։