Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԳԵՐԾԱՆՐԱԲԵՌՆՈՒԱԾ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին։ Այս երկօրեայ պաշ տօնական այցելութիւնը Մոտիի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է վերընտրուելէ վերջ։ Երէկ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն առաջին զրոյցը՝ անպաշտօն ձեւաչափով։ Այսօր անոնք կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները կը գլխաւորեն։
Մինչ Մոտի Փութինի հետ հանդիպումը որակած է հնարաւորութիւն, Քրեմլինն ալ տեղեկացուցած է, որ անոնց հանդիպման օրակարգը կ՚ըլլայ հարուստ, եթէ ոչ գերծանրաբեռնուած։
Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024