Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՕՐՊԱՆԻ ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐԸ
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին այցելած էր Քիեւ ու Մոսկուա։ Փեքինի շփումները աւարտելէ վերջ Օրպան ուղեւորուեցաւ Ուաշինկթըն։ Պուտափեշտի ղեկավարութիւնը այս շրջանին ջանքեր կը գործադրէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին լուծում մը ապահովելու ուղղութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Հունգարիա ներկայիս Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։
Փեքինի մէջ Շի Ծինփինկ եւ Վիքթոր Օրպան քննարկած են Ուքրայնայի առկայ տագնապի կարգաւորման հեռանկարները։
Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024