ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Կլենտէյլի մէջ արդի արհեստագիտութեան զարկ տալու նպատակով կայանալիք «Արհեստագիտութեան շաբաթ» (14-21 սեպտեմբեր) ընդհանուր ծրագրի ծիրին մէջ, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը նախաձեռնած է գիտաժողովի մը եւ ցուցահանդէսի մը կազմակերպման, որոնք տեղի պիտի ունենան սեպտեմբերի 15-17 թուականներու միջեւ։

Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 սեպտեմբերին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ։

Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 16-17 սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ։

Սոյն ձեռնարկներուն կազմակերպման մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել այս նպատակով Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմած յատուկ յանձնախումբին՝ stemconf@aesa.org հասցէով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2019