ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՄԱՐԶԻՉ ԷՏԸՄ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԽՈՒՄԲԸ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼ ՆՈՒԱՃԵՑ ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ջրային փոլոյի կանանց խումբը ոսկէ մետայլ նուաճեց Թոքիոյի մէջ կազմակերպուած ամառնային ողիմպիականներուն։ Այս երեւոյթը ամերիկահայութեան տեսակէտէ ունեցաւ բացառիկ նշանակութիւն, որովհետեւ ողիմպիականներու ոսկէ մետայլ նուաճած խումբի մարզիչն էր հայազգի Էտըմ Գրիգորեան։

Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած են այս իրադարձութեան, ընդգծելով յաջողութեան նշանակութիւնը եւ շնորհաւորելով մարզիչ Էտըմ Գրիգորեանը։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021