ԱՇԽԱՐՀ ԻՍԿԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ ԹԵՒԱԿՈԽԱԾ Է ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Կեպրէյէսուս նախընթաց օր Ժընեւի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտնեց, թէ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ աշխարհ մտած է իսկական վտանգի ժամանակահատուած։ Ըստ իրեն, մարդկութիւնը թեւակոխած է իսկական վտանգի ժամանակաշրջան եւ քորոնաժահրի դէմ պայքարի գծով ցարդ արձանագրուած յաջողութիւններէն շատերը ներկայ պահուն ենթակայ են մաշեցման։

Վերջին օրերուն արդէն հրապարակուած են վիճակագրական տուեալներ, ըստ որոնց ամբողջ աշխարհի մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 200 միլիոնի սահմանը։ Կեպրէյէսուս ընդգծեց, որ ժահրի տարածման կը նպաստեն ընկերային շփումներու աճը, անհետեւողական միջոցառումները առողջապահութեան եւ հասարակական ոլորտէ ներս, ինչպէս նաեւ «անհաւասար» պատուաստումները։ Ան յիշեցուց, թէ քորոնաժահրի դէմ պատուաստումներու աւելի քան 80 տոկոսը բաժին ինկած է բարձր ու միջին եկամուտով երկիրներու։

Կեպրէյէսուսի խօսքով, քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի համար անհրաժեշտ է, որ ելմտական միջոցները գերազանցեն առկայ պաշարները։ Այս տարի համավարակին դիմակայելու ռազմավարական ծրագրին համաձայն՝ 900 միլիոն տոլարի պակաս մը խնդրոյ առարկայ է։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021