ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ ներկայիս ընդդիմադիր «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութեան առաջնորդն է, նախընթաց օր, Երեւանի իր առանձնատան մէջ հիւրընկալեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան տեղեկացուց, որ հանդիպումը տեւած է շուրջ մէկուկէս ժամ։
Զրոյցի ընթացքին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան քննարկեցին Արցախէ ներս հրատապ լուծման կարօտ ընկերային բնոյթի, բնակարանաշինութեան, աշխատատեղիներու ստեղծման ուղղեալ խնդիրները։ Այս կապակցութեամբ Հայաստանէ ներս ապաստան գտած արցախցիներու վերադարձի հարցն ալ եկած է օրակարգի վրայ։ Տէր-Պետրոսեան եւ Յարութիւնեան շօշափած են Հայաստանի կողմէ նշեալ հարցերու կապակցութեամբ կատարուած եւ անհրաժեշտ այլ աջակցութեան վերաբերեալ հարցեր։