ՍԹԱՆԻՍԼԱՒ ԶԱՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր կը ժամանէ Երեւան, ուր կ՚իրականացնէ երկօրեայ շփումներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Երեւանի մէջ Սթանիսլաւ Զաս հանդիպումներ կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Նախատեսուած է նաեւ Սթանիսլաւ Զասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան այցելութիւնը՝ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021