ՌԻՍՔԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Մերձաւոր Արեւելքի առկայ պայթիւնավտանգ իրավիճակին մէջ, յառաջատար բոլոր դերակատարներուն միջեւ անմիջական շփումները թափ առած են ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Անգարա-Տոհա առանցքն ալ այս առումով աշխոյժ է։ Թուրքիա եւ Քաթար միշտ խորհրդակցաբար եւ համագործակցաբար կը դիրքաւորուին տարածաշրջանի բարդ հիմնախնդիրներուն դիմաց եւ կը ջանան իրենց կշիռը կայունութեան գործօնի մը վերածել։

Այս համայնապատկերին վրայ Թուրքիա երէկ հիւրընկալեց Քաթարի էմիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրին մէջ ընդունեց Շէյխ Թամիմ պին Համիտ ալ Սանին։ Երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր, Անգարայի բանակցութիւններուն ընթացքին շօշափուեցան Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի դէմ կատարուած յարձակումներն ու տարածաշրջանային ու համաշխարհային իրադարձութիւնները։

Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ աշխատիլ տարածաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան ու անդորրութեան ուղղեալ լուծումներու համար ու մտադիր է Քաթարի հետ միասին թափ տալու նպատակասլաց ջանքերուն։

Էրտողան շեշտեց, որ թէ՛ Պաղեստինի եւ թէ Լիբանանի վրայ յարձակումներով Իսրայէլ կը ջանայ տարածաշրջանէն ներս լարուածութիւնը հրահրել եւ չի ձգտիր հրադադարի։ Ան համոզուած է, թէ միջազգային հաւաքականութիւնը ազդու քայլեր պէտք է առնէ կասեցնելու համար Իսրայէլի նախայարձակ գործողութիւնները, որոնք վերջին օրերուն թափ ստացած են։

Էրտողանի համոզմամբ, Թուրքիա վճռակամ է Քաթարի հետ տնտեսական, քաղաքական, ռազմական, առեւտրական ու մշակութային բնագաւառներու համագործակցութիւնը զարգացնելու։ Այս ուղղութեամբ առնուելիք քայլերով ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդուի նաեւ երկու երկիրներու զօրակցութիւնը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2024