75 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ՎԱՐԿ
Ֆրանսա՝ պիւտճէի աջակցութեան ծրագրի ներքեւ, 75 միլիոն եւրօ վարկ կը տրամադրէ Հայաստանին։ Ֆրանսական զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ համապատասխան թուղթը։ Սոյն համաձայնագրով՝ Հայաստանին քաղաքականութեան վրայ հիմնուած վարկի տեսքով, պիւտճէի աջակցութեան ծրագրի ներքեւ 75 միլիոն եւրօ վարկ պիտի յատկացուի։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ այս ծրագիրը կազմուած է երեք բաղադրիչէ. առաջին՝ հանրային միջոցներու կառավարման համակարգի բարելաւում, երկրորդ՝ պետական արժեթուղթերու թողարկման ու կառավարման շրջանակի, դրամական շուկաներու ենթակառուցուածքներու ամրապնդում, ձեռնարկատիրական գործունէութեան գանձատրման նոր միջոցներու մշակում եւ երրորդ՝ առաւել թափանցիկ կառավարման ապահովում։
Այս նախագծով կը ծրագրուի բարեփոխումներ կատարել նշուած ոլորտներէն ներս՝ մանաւանդ հարկապիւտճէական ծրագրաւորման գծով։ Կը նախատեսուի նաեւ՝ թափանցիկութիւն, ռիսքերու կառավարում, պետական ծախսերու արդիւնաբերութեան բարձրացում, պետական ներդրումներու, պետութիւն-մասնաւոր գործընկերութեան համակարգի բարեփոխումներ, պետական գնումներու համակարգի արդիականացում, կանաչ տնտեսութեան քաղաքականութեան մշակում, ելմտական եւ դրամագլուխի շուկաներու զարգացում, հաշուեքննական համակարգերու կատարելագործում։
Միւս կողմէ, ֆրանսական այլ հսկայ ներդրում մըն ալ յառաջիկայ շրջանին պիտի հունաւորուի դէպի Հայաստան։ Այսպէս, «Accor» պանդոկներու ցանցի խումբը կը պատրաստուի կառուցել «Pullman Living and Residences Yerevan» համալիրը։ Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրեցին «Accor»ի Եւրոպայի գործառոյթներու ընդհանուր տնօրէն Ալեքսիս Տլաֆոր եւ հայկական «Թեքնոտուն» կառուցապատող ընկերութեան տնօրէն Տիգրան Մնացականեան։ Համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան։ Սոյն նախագծի ներդրումային պիւտճէն աւելի քան 100 միլիոն ամերիկեան տոլար կ՚արժէ։