ԲՆՈՐԴՈՒՀԻ ԱՐՄԻՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Forbes հանդէսը կ՚անդրադառնայ, որ Gucci-ի հայազգի բնորդուհին կը փոխէ գեղեցկութեան մասին չափանիշային պատկերացումները։ Այսպէս, Gucci-ի հայազգի բնորդուհի Արմինէ Յարութիւնեանի «ոչ-աւանդական» արտաքինը քորոնաժահրի համավարակի հանգստեան օրերուն Իտալիոյ մէջ համաժողովրդական բանավէճ յառաջացուցած է գեղեցկութեան չափանիշներու, նմանակայինի եւ «պատի շէյմինկ»ի («մարմնի խայտառակութիւն») շուրջ: «Թէեւ բնորդուհին մի քանի անգամ յայտնուած է Gucci-ի հարթակներուն վրայ, սակայն կը թուի, թէ Gucci-ի կողմէ կազմուած՝ աշխարհի հարիւր ամենասեռական բնորդուհիներու ցուցակին մէջ Յարութիւնեանը ընդգրկելը՝ անոր նկատմամբ պատճառ դարձած է յանկարծակի ուշադրութեան»։ Անոր անդրադարձած է հեղինակաւոր Forbes-ը՝ յօդուածը վերնագրելով «Ով է Gucci-ի հայազգի բնորդուհին եւ ինչպէս դարձած է «պատի շէյմինկ»ի զոհ Իտալիոյ մէջ»:

Forbes նկատած է, որ 23-ամեայ հայազգի բնորդուհին արդէն ծանօթ դէմք մըն է Gucci-ի ցուցադրութիւններու ընթացքին: «Ինչեւէ, համավարակի օրերուն իտալական զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ քննադատութեան պայթիւն եղաւ անոր «անսովոր» արտաքինի վերաբերեալ: Ան դարձաւ բացասական, ատելութեան խօսք պարունակող մեկնաբանութիւններու թիրախ: Անոնք կը վիրաւորէին անոր արտաքինը եւ հարցականի տակ կը դնէին որպէս բնորդուհի անոր համապատասխանութիւնը», գրած է Forbes: Յարութիւնեան դարձած է «պատի շէյմինկ»ի զոհ, որովհետեւ անոր դիմագիծերը այնպիսին չեն, ինչպիսին ընկերային մետիան ստիպած է հասարակութիւնը վեր դասել ամէն ինչէ: Ընկերային ցանցերը, ինչպիսին է օրինակ «instagram»ը, մշակած է գեղեցկութեան նեղ բնօրինակներ ու չափանիշներ, որոնք բազմազանութեան համար քիչ տեղ կը թողուն:

Լրատուամիջոցը նաեւ մէջբերած է այս բացասական ալիքին ի պատասխան Արմինէ Յարութիւնեանի՝ La Repubblica-ին տուած հարցազրոյցէն հատուած մը. «Մարդիկ կը վախնան ամէն ինչէ, ինչ որ տարբեր է: Գեղեցիկ ըլլալու շատ տարբեր ձեւեր կան»:

Յարութիւնեան նշած է, թէ առաջին անգամ չէ, որ բացասական մեկնաբանութիւններ կը ստանայ իր արտաքինի վերաբերեալ եւ թէեւ ցաւ կը զգայ, սակայն վճռական է անտեսել այդ բոլորը: «Աւելի լաւ է տարբերուիլ, քան նմանիլ ուրիշներու, նոյնիսկ եթէ այդ բոլորի համար հասկնալի չէ: Իմ խորհուրդն է կեդրոնանալ դուն քեզի վրայ, թէ ո՛վ ես դուն եւ ի՛նչ կը սիրես իսկապէս», ըսած է Արմինէ Յարութիւնեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020